2014-03-12 09:37:42

Սուրիայ` Եպիսկոպոսներու հաւաք Լիբանանեան Հողի վրայ։ Յոյսի նշոյլներ ազատագրելու արեւանգուած եկեղեցականները։


Սուրիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու դասը, չորեքշաբթի 12 մարտին, Լիբանանու Յոյն Մելքիդ Պատրիարքարանի մօտ, Ռապուէյի մէջ, գումարած է ժողով մը, Յոյն Կաթողիկէ Կրէկորիոս Գ Լահհամ Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, քննարկելու համար Քարիթասի գործունէութիւնը ի սապս Սուրիացի պանդուխտ եւ գաղթական ու թշուառութեան մէջ ապրող ժողովուրդին։ Այս լուրը Ֆիտէս լրատու գործակալութեան հաղորդած է Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեան։
Սուրիացի Եպիսկոպոսներու այս հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Մաալուլայի մայրապետներու ազատագրումէն երեք օրեր ետք։ Հաւաքին կը մասնակցին սուրիոյ մէջ գործող եւ բոլոր կաթողիկէ համայնքներու պատկանող շուրջ 20 եպիսկոպոսներ։ Հաւաքի ընթացքին` Քաղտէացի Անթուան Օտօ Եպիսկոպոսը ժողովականներուն կը ներկայացնէ զեկոյց մը` ''Քարիթաս Սուրիայի'' մասին։
Գերապայծառ Միրիաթեան վերկոչելով Մաալուլայի մայրապետներու ազատագրումը յոյս յայտնած է որ դիւանագիտական նոյն միջոցները օգտագործելով ճիգ թափուի ազատագրելու համար միւս արեւանգուած եկեղեցականները որոնց շարքին է նաեւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի նորօծ Վարդապետ` Հայր Միքայել Քայալը։








All the contents on this site are copyrighted ©.